«Էրկիրի ձայնը կը լսեմ»
10:25, August 31, 2015 | Այլ լրատվամիջոցներ, ՆորություններՕգոստոսի երկրորդ շաբթուն Հայաստան Աղվերանի մէջ Հելսինքեան Քաղաքացիական Անսամպլի Վանաձորի գրասենեակի նախձեռնութեամբ կայացաւ Եավաշ-Կամաց ամառնային դպրոցը։ Այս աշխատութեան երկու զեկոյցներով մասնակցած էր թերթիս աշխատակից Զաքարիա Միլտանօղլու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Միլտանօղլույի գրիչով Երեւանեան պատումներ։
Դասընթացքի վերջին օրը յատկացուած է ցեղասպանութեան յուշարձանի եւ թանգարանի այցելութեան։ Երեկոյեան համար ալ նախատեսուած է հրաժեշտի ընթրիք մը։
Երեւանի երբեմնի հարուստ ընտանիքներէն Ափրիկեաններու անունը կրող ճաշարանին մէջ մէկտեղուած ենք։ Ի տարբերութիւն Թուրքիայէ, այստեղ ճաշարաններու մէջ ծխել կարելի է։ Բայց ես չծխողները նկատի ունենալով դուրս կ՚ելլեմ։ Ականջիս կը հասնի «թուրք-թուրք» հնչող խռպոտ ձայն մը։ Ճաշարանը կիսանկուղ դիրք մը ունի։ Կը բարձրանամ այդ քանի մը աստիճանները եւ երկու ձեռքերով բազրիկին կռթնած մարդը կը տեսնեմ։ Զիս տեսնելով կը կրկնէ «թո՞ւրք»։ «Ո՛չ» կ՚ըսեմ, «թուրք չեմ, հայ եմ, բայց Թուրքիայէն կու գամ»։ Ապա կը պատմեմ Երեւան գտնուելու մեր նպատակը։ Կը հարցնեմ թէ ինք ի՞նչ կ՚ընէ այստեղ այսպէս կանգնած։ «Էրկիրի ձայնը կը լսեմ։ Թրքերէն որ կը խօսիք այդ իմ երկրի ձայնն է»։ Ցնցուած եմ։ Անգամ մը եւս ցնցուած եմ հայ մարդու երկրի նկատմամբ լցուած կարօտով։ Անգամ մը եւս կը գիտակցիմ թէ ինչո՞ւ համար հայոց գրականութեան մէջ «էրկիր» բառը եւ անոր խորհրդանշած իմաստները այսքան ցայտուն են։ Կարծես աճապարուած ըլլայ, մէկ շունչով կը պատմէ թէ հայրը սեբաստացի, իսկ մայրը վանեցի է։ 1928-ին ներգաղթած են Հայաստան, ուր ծնած է ինք։ «1995-ին այցելած եմ հօրս ծննդավայր Սեբաստիոյ Հաֆիք գաւառի Կոթնի գիւղը։ 11-րդ փողոցի, 12-րդ շէնքն է հօրս ծնած տունը, ուր այսօր Էրսոյ եւ Ալի Էպուսէյիտ անուն մարդիկ կ՚ապրին»։ Ապա գրպանէն կը հանէ, ցոյց կու տայ երկթերթ մաշած փաստաթուղթ մը։ «Ղարաբաղեան պատերազմին մասնակցած էի, աւարտին այս փաստաթուղթը տուին»։
«Մի՛ լար աղջիկ մի՛ լար լաւ պիտի լինի»
Նոյն պահուն ամառնային դասընթացքի տեւողութեամբ մասնակիցներու գրած զեկոյցները խմբագրող, անոնց տպագրութիւնով զբաղուող Էօզլէմ Տալքըրան վրայ հասաւ ու միացաւ մեզ։ Թրքերէնով ներկայացուց զինք «անունս Էօզլէմ է» ըսելով։ Եւ իսկոյն աւելցուց թէ Էօզլէմի թարգմանութիւնը կարօտ է։ Ակնթարթի մէջ Էօզլէմին կը ծանօթացնեմ Յովսէփ Ժամկոչեանը եւ Յովսէփին ալ Էօզլէմը։ Էօզլէմ ալ ինձ նման թախծոտ է։ Շուտով կը թրջին աչքերը։ Գլուխը դրած է Ժամկոչեանի ուսին, մինչ ան գուրգուրանքով ձեռքը կը համբուրէ Էօզլէմին ու կը մխիթարէ՝ «Մի՛ լար աղջիկ մի՛ լար լաւ պիտի լինի» ըսելով։
Յաջորդ օր օդակայանն ենք եւ ես դարձեալ թախիծը կը տեսնեմ Էօզլէմի աչքերուն մէջ։ Յուսահատ կը հարցնէ՝ «դեռ մինչեւ ե՞րբ այսպէս լալաքին պիտի բաժնուինք Երեւանէն»։
Պահապան Հրեշտակ
Ծրագրին մէջ կայ Ցեղասպանութեան Թանգարանի այցելութիւն։ Ճամբուն կ՚ապահովենք մեր ծաղկեփունջերը։ Նախապէս քանի մը անգամ այցելած եմ այս համալիրը, բայց հիմա Թուրքիայէն ժամանած 20 երիտասարդ այցելուներով բոլորովին տարբեր տրամադրութիւն մը կը տիրէ։ Խումբի թարգմանութիւնը ստանձնած Ալին Օզինեան, յաջողած է մեզի համար ժամադրութիւն մը ապահովել թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմօեանէն։ Դէմօեան թանգարանի մուտքին կը դիմաւորէ մեզ եւ անձամբ կը ծանօթացնէ ցուցադրուածները։ Թանգարանը, թէ վերանորոգուած եւ թէ ընդլայնած է։
Կը նկատեմ որ աշխատանոցի Հայաստանեան մասնակիցներէն Կրէդա Բաղրամեան Ցեղասպանութեան Համալիրի մուտքէն իսկ կողքիս է։ Դասընթացքներու միջոցին իմ զեկոյցս զգացական փոթորիկ մը յառաջացուցած էր։ Բոլորը անդրադարձած էին որ խօսելու պահուն յաճախ կանգ կ՚առնեմ, թուքս կուլ կու տամ եւ ձայնս կը դողդողայ։ Կրէդա այս բոլորը յիշելով չուզէր որ առանձին ըլլամ սիրտ մաշեցնող այս նկարներուն դիմաց։ Թեւը մէջքիս փաթթած հոգատար պահապան հրեշտակ մըն է ան այս պահուն։ Իսկ ես հիացած եմ երիտասարդ հասակին մէջ դրսեւորած այս հասունութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան հանդէպ։ Թանգարանէն ելքի պահուն լամբակիս անմոռուկ մը զետեղողն ալ ինքն է։
Մեզ կը մօտենայ զեկուցողներէն Էմինէ Ուչաք։ Շատ ազդուած է թանգարանի լրջութենէն. «Շատ զգուշ գտնուած են ցուցադրուած նկարները ընտրելու գործին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ կը տեսնենք այս նիւթի շուրջ արիւնլուայ լուսանկարներ, քան այստեղ»։
Ետ դարձի ճամբուն ձախ կողմը երկարող պատին վրայ նշուած են զանգուածային ջարդերու կեդրոնները։ Սեբաստիա, Կեսարիա, Ամասիա, Տիյարպէքիր… ցանկը այսպէս կ՚երկարի։ Ինծի կը վիճակի բոլոր այդ տեղանունները մի առ մի նշել։
Ռիզէցի Մահմուտ եւ
«թշնամու լեզուն»
Զուարթնոց օդակայանն ենք եւ վերջին գնումները կը կատարենք։ Վճարման կէտի առջեւ հերթ գոյացած է։ Ասպարէզի բերմամբ կը ճանչնամ շինարարները։ Կը զգամ որ շինարար մը խնդիր ունի պաշտօնեայի հետ։ Կ՚երեւի ես ալ իրեն ծանօթ թուացած եմ, որ հարցուց՝ «հայերէն գիտե՞ս»։ Դրական պատասխանս լսելով պաղատեցաւ որ օգնական ըլլամ։ Նիւթը դիւրաւ պարզուեցաւ։ Շիշ մը կոնյակ գնած է եւ վաճառողը կը դժուարանայ վրադիրք մանրուքները ճարելու։ Խորհուրդ կու տայ որ քանի մը րոպէ սպասէ։ Այս լսելով հանգիստ շունչ մը կը քաշէ ռիզեցի շինարարը։ «Հօբար ճան ողջ ըլլաս։ Քանի մը ղրուշին խօսքը՞ կ՚ըլլայ։ Հոս է որ դրամ կը շահինք»։
Հերթը ինծի հասած է։ Վճարելու պահուն կը հարցնեմ «ինչո՞ւ քանի մը բառ թրքերէն չէք սորվիր»։ Վաճառորդուհին գոռոզ գտնուեցաւ, «այդ իմ թշնամու լեզուն է, ինչո՞ւ պիտի սորվիմ որ»։ Պատասխան ունէի մտքիս մէջ, բայց անգամ մը եւս կուլ տուի թուքս։ Մօտեցայ երիտասարդ շինարարին, հարցուցի ո՞վ է, ի՞նչ կ՚ընէ։ «Ռիզեցի եմ, անունս Մահմուտ է։ Մեր ընկերութիւնը ներկարարութեան գործ մը վերցուցած է, մեզ ալ քանի մը ընկերով հոս ղրկեցին։ Բայց հօբար, կարծեմ դուն այդ աղջկան զայրացար, ի՞նչ ըսաւ քեզի ճիշդ ըսէ»։ Մահմուտին պատասխան մը գտնելու մէջ կը դժուարանամ։ Կը խորհիմ թէ մարդկութիւնը դեռ երկար ճանապարհ ունի անցնելիք։
Հելսինքեան Քաղաքացիական Անսամպլի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գրասենեակները հոգ չէ թէ մեծ արձագանգի չարժանանան, շատ կարեւոր աշխատութիւն կը ծաւալեն։ Նոյնիսկ պիտի ըսեմ սրբազան գործ մը կը կատարեն։ Ինչպէս նախագծի անունն ալ կը յուշէ «կամաց-կամաց», բայց հաստատ քայլերով։
http://www.agos.com.tr